Ո՞վ չի ճանչնար ՄԱՅՄՈՒՆը՝ զահրատեան ամէնէն յայտնի փիսիկը: Կը պարզուի որ Զահրատ գրած է նաեւ ՄԱՅՄՈՒՆԻՆ ՄԱՀԸ: Քիչ մը տխուր, բայց հրաշալի սա անտիպ քերթուածը կը ներկայացնենք ստորեւ.

ՄԱՅՄՈՒՆԻՆ ՄԱՀԸ

Աչքերը բաց - սակայն
պիտի չտեսնէր
արեւը որ զինք տաքցուց դեռ երէկ
բարձը որուն վրայ կը պառկէր խաղաղ
ու փլաստիկէ պնակը խորունկ
ուրկէ ջուր կը խմէր

Տախտակամածը պիտի մաքուր մնար
որովհետեւ այլեւս պիտի մազ չթափէր
Գորգ ու կարասի մնային նոփ նոր
քանի որ այլեւս ճանկ պիտի չանցընէր

Բայց ամէն մաքրութիւն
եւ կամ ամէն նոր բան
կը դառնար անիմաստ
Քանի որ այլեւս
Մայմունը չկար

28.10.1975 - 18.12.1976