Ոչ-ոք անսխալական է։ Ամենքն ալ - Սերոբ, Հրայր, Մուրադ, Անդրանիկ - մեր խնկելի դյուցազուններն են, իրենց մարդկային թերութիւններով իսկ։

Անդրանիկի անցեալին բարոյական դրամագլուխը այնքան խոշոր է, որ կրնար դեռ երկար ժամանակ դիմադրել քննադատութեան հարուածներուն։ Եւ երբ հերոսին մահուան գոյժը տարածուեցավ գաղթաշխարհի մէջ, տպաւորութիւնը գրեթէ նոյնն էր, ինչ որ ըրաւ Գարիբալդիի մահագոյժը Իտալիոյ մէջ, ասկէ 50 տարի առաջ։

 


Ամէնքը սգացին։ Դաշնակցութիւնը հոծ զանգուածով քալեց հայդուկի դիակառքի ետեւէն։ Նախկին զինակիցները, ատեն մը խռոված, գուրգուրանքով շրջապատեցին հրամանատարի աճիւնը։ Սեպուհն անգամ, որ անխնայ քննադատեր էր հանգուցեալը՝ զղջումի ժեստ մը ըրաւ եւ աղեկտուր ճիչ մը արձակեց իր մեծ Զինակցի դագաղին առջեւ։

Անդրանիկը կը մնայ հայոց պատմութեան մեծագոյն ռազմիկներէն մին, շրջապատուած լեգենդային եւ անմահութեան դափնեպսակով։


ՄԻՔԱՅԷԼ ՎԱՐԱՆԴԵԱՆ