Այնքա՛ն բազմիմաստ է ՏՕՆ հասկացութիւնը....Անիկա միայն զուարճանքի, ուտել-խմելու օր չէ, ոչ ալ՝ նուէրներ տալու կամ ստանալու օր....Տօնը տօն կը դառնայ, իմ հասկացութեամբ, երբ միասնական ապրումներով կը տոգորուինք, սիրով, բարութեամբ եւ համերաշխութեամբ կը լեցուինք մէկս միւսին հանդէպ՝ բարեկամ թէ հարազատ, ծանօթ թէ անծանօթ....երբ պահ մը կանգ կ'առնենք մեր առօրեայ հեւք ու վազքէն, սովորական ընթացքէն եւ կը փորձենք վերիմաստաւորել մեր կեանքը, զայն վերանորոգել՝ իրենց հմայքն ու փայլը կորսնցուցած Մնայուն Արժէքներու Խորհուրդով....նոր շունչ ու կեանք տալ այն Արժէքներուն, որոնք ներշնչման բուն աղբիւրն ու գերագոյն իմաստն են մեր երկրային գոյութեան....: Տօնը մեզ կը մղէ, գերազանցօրէն, որ նորովի հարց տանք մենք մեզի, թէ ինչո՞ւ կ'ապրինք, ինչո՞ւ կանք այս աշխարհիս վրայ....Իւրաքանչիւրս ի՛նք պիտի պատասխանէ այս հարցումին անշուշտ՝ խղճի մտօք, առանց ինքնախաբէութեան, իր սրտի եւ հոգիի հայելիին դիմաց կեցած....եւ անգամ մը եւս յայտնաբերէ իր ԷՈՒԹԻՒՆԸ՝ մարդկային, ազգային եւ անձնական մակարդակներու վրայ....