Մեր հայրենիքէն ներս, այս օրերուն, զաւեշտա-ողբերգական պատկեր մը կը տիրէ՝ ընտրութիւն-չընտրութիւն բեմականացման շուրջ...Կա՞ն արդեօք քաղաքացիներ, որոնք անկեղծօրէն կը հաւատան որ ՀՀ քայքայուած ու տակաւ քայքայուող քաղաքական դաշտը կրնայ բերել խոստումը նոր այգաբացի...Կը տեսնեմ սակայն որ կան դեռեւս ստրկամիտ եւ մտօք կոյր «արուեստագէտներ», գործարարներ, լրագրողներ... կամ այլ անձինք, որոնք անհեթեթութեան հասնող արտայայտութիւններով կ'ողջունեն գործող նախագահը, որպէս մի նոր «Մովսէս մարգարէ»...Նման անձինք կամ իսկապէս կոյր են մտօք, կամ կ'օգտուին իշխանական կերակրատաշտէն...կամ ստրկամտութեամբ կ'ուզեն որ պահպանուի իրերու վիճակը....ՈՂԲԱՄ ԶՔԵԶ ՀԱՅՈՑ ԱՇԽԱՐՀ...պիտի ըսէր ԽՈՐԵՆԱՑԻՆ դարերու խորքէն...