ԴԱՐՁԵԱԼ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋ... Հանգիստի, քիչ մը խոկալու, մտորելու, հարցադրելու.... երկօրեակ: Մարդ էակը այնքա՛ն կարիքը ունի ներամփոփ խորհրդածելու ժամանակ առ ժամանակ իր ըրած-չըրածներուն մասին, իր ճիշդ ու սխալին մասին՝ կարելի անաչառութեամբ, ինչպէս ինքզինք պիտի դիտէր ԱՆՇՊԱՐ, հայելիին առջեւ կանգնած... «Չքննարկուած կեանքը արժանի չէ ապրուելու», նմանատիպ միտք յայտնած է ժամանակին հելլէն փիլիսոփան՝ ԱՐԻՍՏՈՏԷԼ: Իրաւամբ ալ, առօրեայ կեանքի վազք ու հեւքին մէջ, յաճախ մենք մեզ կը տեսնենք այնպէս, ինչպէս պիտի ուզէինք ըլլալ: ՃՇՄԱՐԻՏ ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՈՒՄԸ այնքան էական է՝ ճիշդ ախտանշելու մեր արատներն ու թերութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ, գոնէ մասամբ, ուղղել զանոնք: Թէ ոչ՝ այդ արատները բարդ-բարդ կուտակուելով կը դառնան հաստաշերտ ՑԵԽ, զոր մաքրելը բիւրապատիկ դժուար պիտի ըլլար... ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՈՒՄ, ԱԽՏԱՆՇՈՒՄ ԵՒ ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՈՒՄ...«օդի, ջուրի, հացի նման» ԿԵՆՍԱԿԱՆ ԵՆ ՄԵՐ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ՝ անհատական եւ ազգային-հաւաքական մակարդակներու վրայ ալ:

 

Երան Կոյումջյան