Երբ ֆետայապետ Անդրանիկն իր 30 քաջերով կամովին պաշարուելով Ս. Առաքելոց վանքին մեջ (1901, նոյեմբեր)՝ ասպարէզ կը կարդար թուրք բանակին, Մուշի բանտին մէջ երկու բանտարկեալնէր՝ մեկը հայ, միւսը քիւրտ կը բարեկամանան իրարու: Հայը Սեւ Քարեցի Սագօն է...
Քիւրտը կ'ըսէ.
_ Սագօ՛, Անդրանիկը պիտի ազատի վանքէն:
Հայը կը պատասխանէ.
_ 6000 թուրք զինվուորներ պաշարած են վանքը:
_ Եթէ փաշան չազատի, ես իմ ձիերէս մէկը քեզի նուէր պիտի տամ:
Անդրանիկի վանքէն ապահով դուրս գալէն ետք Սագօն կ'ըսէ.
_ Ինչպե՞ս գիտցար, որ Անդրանիկ պիտի ազատի:
_ Սագօ՛, այս մարդը այսքան տարի հոս է, լսա՞ծ էք, որ անմեղ մարդու մը քիթը արիւնցնէ, կամ անիրաւ տեղը մէկը սպաննէ: Աստուած այս մարդը չազատէր, հապա ո՞վ ազատէր: Այս էր իմ հավատքը։
Վանքի պատերուն տակ 1800 թուրք զինուորներ սպաննուած էին քսան եւ մէկ օրվան մէջ: Ինքնավստահութեան եւ դիմադրութեան հոսանքը վերստին կը գրաւէր իր տեղը...
Հայե՛ր, գիտե՞ք, որ