Երբ ֆետայապետ Անդրանիկը իր 30 քաջերով կամովին պաշարուելով Ս. Առաքելոց վանքին մեջ՝ ասպարէզ կը կարդար թուրք բանակին, Մուշի բանտին մէջ երկու բանտարկեալնէր՝ մեկը հայ, միւսը քիւրտ կը բարեկամանան իրարու: Հայը Սեւ Քարեցի Սագօն է...
Քիւրտը կ'ըսէ.
_ Սագօ՛, Անդրանիկը պիտի ազատի վանքէն:
Հայը կը պատասխանէ.
_ 6000 թուրք զինվուորներ պաշարած են վանքը:
_ Եթէ փաշան չազատի, ես իմ ձիերէս մէկը քեզի նուէր պիտի տամ:
Անդրանիկի վանքէն ապահով դուրս գալէն ետք Սագօն կ'ըսէ.
_ Ինչպե՞ս գիտցար, որ Անդրանիկ պիտի ազատի:
_ Սագօ՛, այս մարդը այսքան տարի է հոս է, լսա՞ծ էք, որ անմեղ մարդու մը քիթը արիւնցնէ, կամ անիրաւ տեղը մէկը սպաննէ: Աստուած այս մարդը չազատէր, հապա ո՞վ ազատէր: Այս էր իմ հավատքը...
Վանքի պատերուն տակ 1800 թուրք զինուորներ սպաննուած էին քսան եւ մէկ օրվան մէջ: Ինքնավստահութեան եւ դիմադրութեան հոսանքը վերստին կը գրաւէր իր տեղը...
Հայե՛ր, գիտե՞ք, որ