ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ-ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ անջրպետը մեր երկրին դժբախտութիւններէն մէկն է որոշապէս...., կարծէք երկու հակադիր բեւեռներ են, ամբողջովին տարբեր կեանքով ապրող...:
Պետութեան մը համար, անչափ կարեւոր է որ իշխող վերնախաւը իսկապէս շփուի ժողովուրդին հետ, մօտէն հաղորդ ըլլայ անոր ցաւերուն եւ մտահոգութիւններուն, խռովքներուն ու տագնապներուն, լուծումներ որոնէ եւ առաջարկէ այդ ուղղութեամբ ամենայն պատասխանատուութեամբ, սրտացաւութեամբ....:
Այդ պարագային միայն իշխանութիւնը կը դառնայ հարազատ արտայայտիչն ու ներկայացուցիչը իր ժողովուրդին եւ կը չքանայ այն անջրպետը որ կայ երկուքին միջեւ....
Երան Կոյումջյան