Ինչքան վայրենի ու նախնական վիճակի մէջ է մարդը, ինչքան ցած է քաղաքակրթութեան աստիճանը, այնքան նուազ են ու տկար իր անհատական գծերը։ Մարդիկ շատ աւելի նման են իրարու իրենց պէտերովն ու դրդումներովը, իրենց ձգտումներովն ու գործելու եղանակովը, իրենց զգացածովն ու մտածածովը եւ ատոնց արտայայտութեամբը։ Ինչքան աւելի զարգացած է մարդը, կրթութիւն ստացած, կարդացած, մտածած, ինչքան հարստացած է իր հոգին բազմակողմանի շփումներով, փորձառութեամբ, լայն տեղեակութեամբ ու նուրբ զգայութիւններով, ինչքան շատ է ապրած, կրած, աշխատած ու ստեղծած, ինչքան շատ են մարչուած իր այս կամ այն ընդունակութիւնները, այնքան աւելի շեշտուած եւ ուժեղ են իր մէջ անհատական առանձնայատկութիւնները։ Ի՛ր ճաշակը, ի՛ր սէրերը, ի՛ր կարծիքը, ի՛ր դատումը, ի՛ր վճիռը, ի՛ր ըրածը, ի՛ր ըսածը, ի՛ր ձգտածը, ամէն ինչ իր վրայ կը կրէ իր ինքնութեան կնիքը, եւ իր մէջ ամէնէն աւելի գնահատած բանը իր եսի անկախութիւնն է։
Լեւոն Շանթ