Բազմաշնորհ ու բազմավաստակ դէմք է Շանթ, որ հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան մէջ յաւիտենական իր բարձունքը նուաճեց իբրեւ Ամբողջական Հայ Մարդու կերպարին ինքնակերտման ու ինքնամաքրման վսեմութիւնը վերծանող հեղինակութիւնը։

Տաղանդաշատ գրագէտն ու ներհուն մտաւորականը, անձնուէր հասարակական գործիչը եւ սերնդակերտ մանկավարժը միաձուլուեցան Լեւոն Շանթի մէջ, որ արժանաւորապէս մարմնաւորեց միաժամանակ Մեծ Մարդու եւ Մեծ Հայու խոհուն կերպարը։

Առասպելական իր անխոնջ աշխատունակութեամբ՝ Լեւոն Շանթ նուաճեց գրականութեան եւ իմաստասիրութեան բեղուն, այլեւ անսպառ հարստութիւն մը իր կեանքի եւ գործունէութեան բոլոր բնագաւառներուն մէջ, գրական ստեղծագործութիւններէն մինչեւ տեսաբանական եւ մանկավարժական իր ուսումնասիրութիւնները, քաղաքական-պետական գործիչի դաշնակցական իր ներդրումէն մինչեւ Համազգայինի Հայ Ճեմարանի հիմնադիրի ու երկարամեայ տնօրէնի եւ ուսուցիչի վաստակը։