Երիտթուրքերու յեղաշրջումէն ետք, երեսփոխանական այլ ընտրութեան մը առիթով, Սիմոն Զաւարեան հետեւեալ նամակը ղրկեց Անդրանիկին. «Սիրելի՛ Պարոյր (Անդրանիկի կեղծանունը), Մուշի եւ Սասունի ժողովուրդը այս անգամ իր ցանկութիւնը կը յայտնէ ձեզ ընտրել Օսմանեան փարլամէնթի անդամ...: Կը փափաքինք, որ խոստումդ տաս:

Ձերդ՝ Զաւարեան»:

 






Զաւարեանի կրկնակ դիմումներուն վրայ, Անդրանիկ պատասխանեց. «Սիրելի՛ ընկեր, նամակներդ ստացած եմ եւ զարմանքով կարդացած. ես ու՜ր, Օսմանեան փարլամէնթի անդամ ըլլալը ուր: Այդ ոճրագործներու վոհմակները, որոնք հոդ նստած են, ես անոնց չեմ հաւատար եւ երկրորդ, որ իմ գործս չէ հոդ գալ եւ այդ աթոռին վրայ նստիլ: Ես կը փափաքիմ, որ օր մը պատուով մեռնիմ: Ոչ այդ աթոռը եւ ոչ ալ 50 օսմ. ոսկի ամսականը կ'ուզեմ: Զիս հանգիստ ձգեցէք իմ պուլկարական համեստ հիւղակիս մէջ։ Ես կը նախընտրեմ հոս ճակտիս քրտինքով եւ բազուկիս ուժով ցորեն, գարի, լուբիա եւ գետնախնձոր ցանել եւ մշակել ու ապրիլ, քան թէ գալ եւ փարլամէնթի անդամ ըլլալ: Բոլոր ընկերներուս բարեւ:


Ձերդ՝ Պարոյր»: