Շրջահայեցութիւնն ու խոհականութիւնը, ավա՜ղ, հայ գործիչի առաջնակարգ առաքինութիւններէն չեն։ Վասպուրականի սրտին մեջ ապստամբութեան շեփորը կը հնչեցնէին տանիքներու վրայէն․․․ Թողունք, որ խօսի Փանոս Թերլեմեզեանը այդ պատմական շրջանի (1880-ական թթ․) դէպքերու եւ դէմքերու մասին․
— «Հայերս անտակտ էինք մեր հայրենասիրական ցոյցերու մէջ, որոնք, ի հարկէ, չէին վրիպեր կուսակալի ուշադրութենէն։ Հայրիկն անգամ (Մկրտիչ Խրիմյան), որ Վարագի վանահայրն էր, կարծես թէ կը քաջալերէր այդ ցոյցերը․․․ Տասը հազար մարդով կերթայինք Վարագ, ազգային դրօշակներ պարզած, հայրենասիրական երգեր երգելով․․․ Փորթուգալյանն ալ ջահելութիւննէր կընէր։ Քննութիւններու ժամանակ, թուրք կուսակալի ներկայութեանը, աշակերտները Գամառ-Քաթիպայի թուրքատեաց ոտանաւորները կարտասանէին․․․»։
Եւ որպի՜սի գերագնահատում սեփական ուժերու։ Եւ որպի՜սի արհամարհանք դէպի թշնամու ոյժը։ Շատերու աչքին Թուրքիան քայքայւած, մահամերձ պետութիւն մըն էր․ բաւական էին քանի մը հարւած - եւ Եւրոպան պիտի միջամտէր եւ մեծ Երազը պիտի իրագործւէր․․․ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՆՊԱՐՏԵԼԻ ՀՍԿԱՅ ՄԸ, ԹՈՒՐՔԻԱՆ՝ ԳԱՃԱՃ ՄԸ․․․ «Հերի՜ք, որդեակք․․․ Մեր բահերն ալ կանեն նոցա շանսատակ»․․․
Հայկական շարժման ռոմանտիկ շրջանն էր։
Հայե՛ր, գիտե՞ք, որ