Աշնան մեղեդին կը բերէ վառ յուշերը անցած-գացած օրերու.....որոնք միշտ ալ կը քաղցրանան անցնող ժամանակին հետ, թունդ գինիի նման, կը դառնան հեքիաթ եւ անուրջ լուսեղէն....Այդ յուշերուն մէջ կայ մանուկ օրերու անմեղութիւնը, անապական սէրը մարդոց ու աշխարհին հանդէպ, մաքուր հայեացքը, որ տակաւ կը մշուշուի աշնան օրերուն նման....

 

 

Այդ յուշերուն մէջ կան պատանեկան սէրեր, որոնք բռնկած են մեր սրտերու խարոյկին մէջ....Կան հասուն տարիքի իմաստնացած սէրեր, կարօտներ անհամար, որոնց ոսկեհուր փայլը դեռ պահած ենք մեր սրտերուն մէջ...., որպէս անթեղուած կրակ, որ կը մերժէ մոխրանալ....Աշունը հին բայց չհինցող օրերու անուրջ է, քաղցրաթախիծ երազ, որ սրբազան դողով կը պարուրէ հոգին...

 

 

Երան Կոյումջյան