Կան սրտեր որոնք բաց գրքի նման են...ճշմարիտ ցոլանքը ըլլալով զանոնք լեցնող յոյզերուն ու խռովքներուն, տագնապներուն ու տուայտանքներուն, տառապագին ու ցնծագին ապրումներուն....

 

Սիրտեր՝ ուր չկան թաքնաթաքոյց զգացումներ, գաղտնայոյզ ապրումներ, քէն, ոխ, ատելութիւն, սուտ ու կեղծիք...: Հայելիի նման են անոնք, ուր նայելով կը ճանչնաս նաեւ դուն քեզ, կը դառնաս առաւել անկեղծ, առաւել մաքուր, վարակիչ հաղորդականութեամբ մը, որ անպայմանօրէն կը փոխանցուի քեզի ալ, քեզ առնելով իր մագնիսական դաշտին մէջ....

 

 

Երան Գույումջյան