Քո՛յր իմ, ցանքին մէջ կակաչներ կան, քաղէ՛.
Ահա սիրող սիրտերու պէս կ’արիւնին:
Պիտի իրենց բաժակներէն բիւրեղե
Խըմենք ալիքն արեւին:

Անոնք այնչա՛փ բըռնըկեր են' որ կարծես
Հըդեհն իրենց կ’այրէ դաշտերը անհուն:
Պիտի իրենց բաժակներէն հըրակեզ
Խըմենք կայծերն աստղերուն:

Քո՛յր իմ, քաղէ՛, լորի մը պէս ծածկըւած
Ցորեններուն մէջ' որ մեղմիկ կը նազին:
Պիտի իրենց բաժակներէն բոսորած
Խըմենք արիւնն ակօսին:

Անոնք ծըռած արտոյտներու բոյնին վրա
Լալ շողերով ողկոյզ ողկոյզ կը ծըփան:
Պիտի իրենց բաժակներէն հակընթեա
Խմենք խոստումը Գարնան:

Քաղէ՛, քո՛յր իմ, կակաչ չէ, բո՜ց քղէ դուն.
Հըրդեհն իրենց լեցուր գոգնոցդ կոյսի:
Պիտի իրենց բաժակներէն փափկասուն
Խըմենք կրակներն Յունիսի:

Ծաղկե՜ր, ծաղկե՜ր են բերնիդ պէս քնքշենի,
Կը խօսակցին ցորեանին հետ օրօրուն:
Պիտի իրենց բաժակներէն ծիրանի
Խըմենք գաղտնիքն հասկերուն:

Քաղէ՛, քոյր իմ, պիտի պսակուինք անոնցմով
Վաղուան զուարթ տօնին համար գիւղակին:
Եւ պիտի այդ բաժակներէն, պարելով,
Խմենք գինին Տարփանքին:

 

Մելանյա Պետրոսյան