Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ զիս սիրեցիր,
Փոքրի՛կ աղջիկ, քեզի մե՜ղք էր.
Փոքրիկ ծոցիդ թիթե՜ռ պէտք էր,
Դուն ծե՜ր արծիւ մը բանտեցիր…
Կապոյտ աչուիդ երբոր բացիր,
Կապո՞յտ աղջիկ՝ պըլպուլն երգԷ՜ր.
Քե՜զ ալ սիրոյ մըրմունջ պԷտք էր,
Դուն գուժկան մռո՛ւնչըս ընտրեցիր…
Ես կ՚ երթա՛մ մի՜շտ, անծայրածի՜ր,
Դամբաններն են ոտքիս հետքե՜ր.
Քեզ սիրոյ մեղմ սի՜ւք մը պԷտք էր,
Դուն փոթորկի՜ն կուրծքըդ բացիր…
Կ՚ այրի՜ն աչերըդ սեւածիր,
Պիտի մեռնիս, այդպԷս մ՚ երե՛ր,
Քեզի փոքրիկ սԷր մը պԷտք էր,
Դուն ՍԷ՛ր–Աստուա՛ծը սիրեցիր…
1911