Դարուս հիւանդութիւններէն մէկն է ԱՐՏԱԳԱՂԹԸ...Մարդիկ ամէնուր կ'արտագաղթեն իրենց հայրենի եզերքներէն, ընտանեկան օճախներէն, հարազատ տուն ու տեղերէն՝ իրենց ապրուստը այլ տեղ ճարելու համար կամ «դրախտ» որոնելու սին պատրանքով....եւ տակաւ կը չքանայ մարդ-հայրենի հող կենսական, էական կապը...:

 

Տարբեր ձեւերով կարծէք կը քաջալերուի այս այլասերումը սեփական բնօրրանէն ու ինքնութենէն ալ, քանզի միայն սեփական հարազատ հողին վրայ՝ մարդ էակը կրնայ գտնել իր հոգին, էութիւնը...: Խառնաշփոթ իրականութիւն մը՝ այս, որ աշխարհի բոլոր ոստաններուն ինքնուրոյն դիմագիծը տակաւ կ'աղաւաղէ, աշխարհը դարձնելով համաշխարհայնացած խառնիճաղանճ մը...

 

 

Երան Կոյումջյան