Կեանքին բուն արժէքը յետոյ միայն կը հասկնանք, կը կառչինք անոր ամրօրէն, կը դողանք անոր վրայ....որպէսզի ան չխլուի մեզմէ...Բայց ան օրէ-օր կը հեռանայ մեզմէ՝ ժամացոյցի սլաքներուն հետ, որոնք կը բանին անդադրում....թի՛ք-թա՛ք, թի՛ք-թա՛ք....յուշարարը ըլլալով անցնող ժամանակին, վայրկեան առ վայրկեան....Ժամանակը կը դառնայ մտասեւեռո՛ւմ, չենք ուզեր ա՛լ զայն վատնել կամ մսխել՝ մեզի համար անարժէք բաներու վրայ....

 

 

Կ'ոզենք որ անոր ամէն մէկ պահը կարենանք իմաստաւորել՝ մեզի իրա՛ւ երջանկութիւն պարգեւող բաներով....Կեանքը մեզի համար սահմանուած Ժամանակն է, եւ մեզմէ կախեալ է թէ ի՞նչ ձեւով կ'արժեւորենք զայն....

 

 

 

Երան Կոյումջյան