Հայ կնոջ, հայ մօր, հայուհիի կերպարը լաւագոյնս մարմնաւորեց՝ ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ, որուն մահուան տարելիցն է այսօր....Ան նոր իմաստ, արժէք ու խորհուրդ փոխանցեց հայ կնոջ դերին հայ իրականութեան մէջ:
Իր բանաստեղծութիւններուն, արձակ գրականութեան եւ հրապարակագրութեան մէջ՝ կը յառնէ ՀԱՅՈՒՀԻՆ, խրոխտ ու արժանապատիւ, հայ օճախին, ազգին ու հայրենիքին անմնացորդ նուիրեալը, սիրոյ անշէջ վառարանը, հայոց լեզուին, հայ մշակոյթին, աւանդութեանց, արժէքներուն արթուն պահապանն ու սերունդէ-սերունդ փոխանցման ամուր կապը....Տակաւին ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆԻ ԿԵՐՊԱՐԸ պիտի ապրի իր գրական ժառանգութեան հետ միասին, ապրեցնելով եւ ոգեշնչելով մեզ եւ իրերայաջորդ սերունդները...ՓԱՌՔ ԻՐ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ....
Երան Կոյումջյան