«Հայ Թերթ» կը գրէ, որ Սասուն գաւառին մէջ գտնուող հին հայկական գիւղերն ու այլ պատմական բլուրներ Ըլըսու ջրամբարի կառուցումէն ետք ջուրի տակ պիտի մնան:

 

ան հայկական, եզիտիական, ասորական գիւղեր, որոնք հիմա աղբավայրեր կը յիշեցնեն: Անոնք պիտի անհետանան ամբարտակի կառուցումէն ետք:

Հայկական գիւղերէն մէկը կը գտնուի Կարզան գետէն շուրջ 200 մեթր հեռաւորութեան վրայ, եւ այժմ կ՛օգտագործուի իբրեւ բամպակի դաշտ:

 

 

Այլ հայկական գիւղ մըն է Տերտեւինը: Այստեղ տակաւին 40-45 տարի առաջ մարդիկ բնակած են: Հին հայկական գիւղէն այժմ ոչինչ մնացած է: Գիւղը իր անուանումը ստացած է շրջանին մէջ գտնուող եկեղեցիէն, որմէ այժմ ոչ մէկ հետք մնացած է:

Հայերու հեռացումէն ետք գիւղը քոչուորներուն մնացած է:

 

 

Վարդան Խաչատուրյան