Մահուան դաժան իրականութիւնն է, որ արժէք կու տայ կեանքին գերազանցօրէն...: Պատկերացնենք պահ մը, որ կեանքը դառնար յաւիտենական, անվերջանալի, անվախճան...., որքան ձանձրոյթ պիտի պատճառէր ան, որքան տաղտկալի պիտի ըլլար ապրիլը...:

 

Բայց լաւ է որ ամէն ինչ վերջ մը ունի, եւ այդ պատճառ կ'ըլլայ որ առաւելագոյնս իմաստաւորենք մեր կեանքի իւրաքանչիւր պահը, ի զուր չմսխենք զայն, դողանք, գուրգուրանք անոր վրայ....Կեանքը տեսակ մը ճանապարհորդութիւն է արդարեւ, որ ունի սկիզբ եւ վերջ, եւ կ'ընթանայ դէպի անէացում, կամ՝ աղբիւրը լոյսին....

 

Երան Կոյումջյան