ՍԵՊՈՒՀ ԱԲԳԱՐԵԱՆԻ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԱԾ'
Դանիէլ Վարուժանի «Հացին
Երգը՝» Երգով Ու Դաշնակով
ՌՈՊԵՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ
Մեր գրականութեան սիրահարներուն համար գագաթային գրականութիւն կը նկատուի
Դանիէլ Վարուժանի վերջին ու կիսաւարտ նկատուած «Հացին Երգը» բանաստեղծական
հաւաքածոն։ Անզուգական բանաստեղծը իր ամբողջ տաղանդն ու հայոց լեզուի
բառապաշարը զօրակոչի ենթարկած է երգելու համար հացին երգը, մշակի քրտինքով
կատարուած առաջին ցանքէն մինչեւ տաք հացին բուրմունքը։ Գրասէրներու համար
անյագուրդ հաճոյք է կարդալ այս բանաստեղծութիւններէն մէկը կամ միւսը, ոմանք
ինքնին արդէն շատ նշանաւոր դարձած, ինչպէս «Անդաստան»ը, որ շարքին վերջին
բանաստեղծութիւնն է։
«Հացին Երգը» մինչեւ հիմա միայն բանաստեղծութեամբ երգուած երգ էր, բայց հիմա այդ
երգը դարձաւ նաեւ իրական երգ՝ ձայնով ու երաժշտութեամբ։ «Գոհար» նշանաւոր
պարախումբի ու երգչախումբի ղեկավար, երաժշտական մեծ վարպետ Սեպուհ
Աբգարեանի կը պարտինք բանաստեղծութենէ դէպի երաժշտութիւն այս անցքը։ Սեպուհ
Աբգարեան 2009 թուականին Երեւանի մէջ տպեց ու գրասէր-երաժշտասէրներու
տրամադրութեան տակ դրաւ «Հացին Երգը» հաւաքածոյի երեսուն
բանաստեղծութիւններուն վրայ գրուած երեսուն երգ, բոլորն ալ իր յօրինումները։
Երգերու շարքը կը սկսի «Մուսային»ով, կ՛անցնի արտերու ու ցորեաններու դաշտերուն,
գարնան անձրեւներու ու հասուն արտերու մէջէն եւ կը վերջանայ «Անդաստան»ով, որուն
վերջին տողն է «Սիրերգութիւն թող ըլլայ»։ Եւ ասիկա իրաւ սիրերգութիւն է։ Թէեւ,
երաժշտական նօթաները կարդալ չգիտնալու հետեւանքով, մենք ի վիճակի չենք մէկ
նայելով անձնապէս իմանալու երգերուն որակն ու տեսակը, կամ երեւակայութեան
ճամբով մեր ականջներուն մէջ հնչեցնելու նոյնինքն երգը, բայց անոնց նայելով իսկ
կրնանք ենթադրել որ «Գոհար» երգչախումբին հետ երաժշտական գագաթնային
բարձունքներ ստեղծող այս սիրելի մարդը, Սեպուհ Աբգարեանը կրցած է տալ Դանիէլ
Վարուժանին ու սուրբ հացին իրաւունքը։
Արթուր Հայրապետյան