Երկու բան դժուար է հանդուրժել՝ մարդկանց յիմարութիւնը եւ գիտակից չարութիւնը...: Երկուքն ալ վտանգաւոր են անկասկած եւ պատճառ կրնան դառնալ աղէտալի դէպքերու, տուն տալ մարդկային ողբերգութեանց....:
Իսկ պատմութեան մէջ, որքա՛ն շատ են այն պատերազմներն ու արիւնալի բախումները՝ երկիրներու, հատուածներու միջեւ..., որոնց բուն պատճառներու պատճառը կարելի է վերագրել՝ մարդկային յիմարութեան, երբ բանիմացութեան պակասը կը հրահրէ մութ կիրքերու մոլեգին տենդը...կամ ալ՝ մարդկային գիտակից չարութեան, երբ արդէն չարութիւնը կը դառնայ լաւապէս մտածուած, ծրագրաւորուած չարիք...., թէեւ հաւասարակշռուած մարդ անհատին համար, դժուար է հասկնալ թէ ի՞նչ է իմաստը՝ ՉԱՐԻՔ՝ ՉԱՐԻՔԻ սիրոյն..., ան ալ գիտակցաբար կատարուած:
Բայց որքան ալ փորձենք մեկնաբանել այս երեւոյթը, ՉԱՐԻՔԸ կայ ու կայ, ինչպէս նաեւ մարդկային ՅԻՄԱՐՈՒԹԻՒՆԸ, ուր բանականութիւնը կը դադրի գործելէ....
Երան Գույումջյան