Կաթոլիկ Վարդապետ Հարություն Պստիկյանը ուղարկել է սա ինձ, ուզում եմ կիսվել.
ԻՆՉՈՒ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԵՐՋԱՆԻԿ ՉԷ
Պարզապէս այն պատճառով որ երկրին ղեկավարները հեռացած են ժողովուրդէն եւ կծկուած իրենց
կուսակցութիւններուն մէջ'այնքան տարուած ներքին պայքարներով որ Աստուծոյ Ձայնը չի հասնիր
իրենց կարծրացած սիրտերուն։
Եւ այսպէս պարզ մեղաւորի վիճակէն,լման դասակարգը գահավիժած է կաշառակերութեան փտախտի մէջ։
Ցաւալի է որ առաջին քրիստոնեայ Ազգին ղեկավար մարմինը ,որ տասնեօթը դարերու ընթացքին բարոյական ամուր
սկզբունքներու տէր պէտք էր եղած ըլլալ,կը գտնուի անհաւատարիմ կարգավիճակով,ականջ չկախելով Աստուծոյ կանչին
որ Առաքեալին բերանով կրկնած է միշտ (Բ Կրնթ,Զ,16) --Պիտի ըլլամ անոնց Աստուած,իսկ անոնք պիտի ըլլան ինծի ժողովուրդ --
--- Բայց անոնք ոչ լսեցին զիս, ոչ ականջ կախեցին ,այլ առաջնորդուեցան իրենց սրտին չար խորհուրդներով,ետ մնացին
եւ չյառաջացան --- (Երեմիա Է,23-24) ։
Պէտք չէ զարմանալ որ Աստուծոյ Ձայնը չեն լսեր, քանի կծկուած են ինքնիրենց մէջ եւ կտրուած ժողովուրդէն։
Բայց Յիսուս հայեացքը դարձուցած պարզ ժողովուրդին' կը յուզուի տեսնելով որ առանց հովիւի մնացած է,կը մօտենայ
աղքատներուն,հիւանդներուն,տառապեալներուն,այրիներուն կը բժշկէ զանոնք,իր մօտեցումով կը խանգարէ ժողովուրդէն հեռացած
իշխանաւորները, որոնց միակ նպատակը դարցած է նիւթը,վայելքը,արդարներու կողոպուտը,խեղթել Աստուծոյ ձայնը իրենց
սիրտերուն մէջ ։
Աստուծոյ առջեւ ամէնքս ալ մեղաւոր ենք,սա ճշմարտութիւն է,բայց ասոնք բան մը աւելի են,սիրտերնին այնքան
կարծրացած եւ հոգեպէս այնքան փճացած են որ շատ դժուար է զիրենք դարձի բերելը։ Երեւութապէս կը ներկայանան ,
մարդասէր, քաղաքավար,ժողովրդավար' բայց ներսերնին ---- նման է գերեզմանոց բռելոց որ արտաքուստ երեւին գեղեցիկ,
եւ ի ներքոյ լի են ոսկերօք մեռելոց եւ ամենայն պղծութեամբ։ ( Մտթ, ԻԳ,27 ) ։