Գարեգին Ա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը՝ իր ծննդավայր Քեսաբի մասին.
Քեսաբի մասին պատմող մի գրքի լույս ընծայման առիթով ծնունդով քեսաբեցի Գարեգին Ա լուսահիշատակ կաթողիկոսը մեծ սիրով է անդրադարձել իր հայրենի Քեսաբին: Ներկայացնում ենք հատվածներ սույն անդրադարձից.
"Քեսապը ծանօթ է արտասահմանի հայերուն. բայց շատերուն համար՝ սոսկ անունով կամ համբաւով եւ կամ տարտամ մտապատկերացումով: Մայր Հայրենիքի՝ Հայաստանի մէջ ալ մեր ժողովուրդի շատերը, որոշ չափով, ծանօթ դարձան, մասնաւորաբար հայրենադարձութեան տարիներէն (1946-1947) ասդին, երբ Քեսապի զաւակներէն շատեր Հայրենիք մեկնեցան եւ այնտեղ հաստատուեցան, բայց միշտ յիշելով իրենց ծննդավայր ու բնակավայր հայրենի գիւղերը եւ իրենց հայաստանաբնակ հայրենակիցներուն պատմելով իրենց հայրենական գիւղի կեանքին ու սովորութիւններուն մասին: Անոնցմէ շատերը իրենց զաւակներուն եւ թոռներուն շրթունքներուն վրայ նոյնիսկ իրենց գաւառաբարբառը կենդանի պահեցին:
Հայկական սփիւռքի մէջ Քեսապը ունի իր յատուկ տեղը: Գաղութ չէ, այդ բառին նեղ իմաստովը: 19րդ կամ 20րդ դարուն, բռնութեամբ եւ հարկաւորաբար "արտասահմանեալ" Մայր Հայրենիքէն, կամ կամաւոր մեկնումներով կազմուած հայկական հաւաքականութիւն չէ Քեսապի հայութիւնը, այդ իմաստով յար եւ նման ըլլալով այն միւս նոյնաբարբառ եւ նոյնաւանդ ու դարերու դրացութեան մէջ ապրած ժողովուրդին, որ Մուսա լերան մէջ դարերով իրագործեց իր կեանքը եւ սակայն արտասահմանուեցաւ Մեծ Եղեռնին, բայց մանաւանդ 1939 թուին, ֆրանսական հոգատար իշխանութեան կողմէ Սանճագի հարկադրեալ եւ անարդար պարպումովը եւ Թուրքիոյ պետութեան յանձնումովը:
Պատմական բախտաւոր դարձուածքով մը Քեսապը զերծ մնաց մեր դարաւոր թշնամիին՝ Թուրքին կողմէ բռնագրաւելու կամ իւրացուելու դառնագոյն եւ աղետաբեր ճակատագրէն: Մինչ համաշխարհային Ա. Պադերազմի ընթացքին գործադրուած ցեղասպանութենէն եւ բռնի տեղահանութիւններէն ետք եւ ապա 1920ական թուականներուն Կիլիկեան աշխարհի հայ ժողովուրդի անվերադարձ մեկնումէն ետք հայութեան պատկանած, հայ ժողովուրդի քրտինքով եւ արիւնով ոռոգուած ամբողջ գաւառներ, քաղաքներ, գիւղեր, աւաններ, զրկուեցան իրենց բնական տէրերէն եւ անոնց վրայ ապրող ու գործող ժողովուրդը շահարկող եւ կողոպտող ժողովուրդին՝ Թուրքին ձեռքը, Քեսապը մնաց Սուրիական պետութեան սահմաններուն ծիրին մէջ, եւ կը մնա՛յ մինչեւ այսօր:
Յաճախ ըսած եմ, -եւ ուրիշներու կողմէ ալ զգացուած եւ արտայայտուած իրողութիւն է-, որ Քեսապը "պատառ մը Հայաստան" է, Հայաստանէն դուրս: Հակառակ բազում վերիվայրումներու, ան կրցած է տոկալ, մնալ ինքն իրեն հարազատ եւ շարունակել հայուն յատուկ տաղանդն ու նկարագիրը արժեւորել իր կեանքովն ու գործունէութեամբը: Նեղ ու լայն, տաք ու պաղ ժամանակներու մէջէն է անցած: Տեսակ-տեսակ իշխանութիւններու լուծին տակ է ինկած: Աքսոր, տեղահանութին, քանդում եւ աւերում անբաժանելիօրէն ներկայ են եղած անոր կեանքին մէջ: Բայց ծովը մնացած է ծով. ալիքներու այնքան յաճախակի փոթորկումներէն եւ փրփրացումներէն ետք ան միշտ վերագտած է իր ստեղծագործ եւ շինարար կեանքը":
Հուսանք, որ Վեհափառ հոր գեղեցիկ նկարագրության նմանումով այս անգամ ևս Քեսաբը կկարողանա վերագտնել իրեն:
Դիլանյան Զար