Պահեր կան, երբ «օդի, ջուրի, հացի նման» կենսական պահանջքը կը զգամ ԼԻՑՔԱԹԱՓՈՒԵԼՈՒ....ՍԻՐՏԷ-ՍԻՐՏ, ՀՈԳԻԷ-ՀՈԳԻ խոստովանանքի մը հանգոյն, անպատնէշ, անարգել, մաքուր ու անկեղծ....Նման պահերուն, հոգիս կ'ապաւինի այս լուռ էջերուն, որոնք յանկարծ կը կենդանանան, երբ բարեկամ ՍԻՐՏ մը արձագանգէ՝ չես գիտեր աշխարհի որ ծայրէն....եւ այդ պահուն ՍԻՐՏԵՐԸ ՄԵՐ ՔՈՎԷ-ՔՈՎ կ'ըլլան կարծէք «մէկ խորան»....Խորան՝ անկեղծ իրարհասկացողութեան, սրտակցութեան....Իսկ կա՞յ արդեօք կեանքի մէջ աւելի թանկ բան, քան ՍՐՏԵՐՈՒ ՍՐՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ.....