«Սերոբի անունը բոլոր շրթունքներուն վրայ էր, բոլորին սիրելի։ Անիկա շատ հաճախ կու գար մեր տունը եւ կ’ըլլար եղբայրներուս հետ։

Սերոբը գեղեցիկ տղամարդ մըն էր՝ բարձրահասակ, յուժկու եւ արագաշարժ, վարմունքի մէջ շատ լուրջ եւ խոսքի մէջ խելացի։

Ես շատ երես առած աղջիկ մըն էի մեր տան մէջ եւ հետեւաբար միշտ կը գտնուէի տղամարդոց մէջ եւ յամարձակութեամբ կ’խօսէի բոլորին հետ։

 

 

Մեր գիւղէն քանի մը ընտանիքներ կ’ուզեին կանուխէն նշան մը կապել մեր տան հետ, որպէսզի զիս հարս տանին։ Ես միշտ յամարձակութեամբ կը մերժէի, եւ հօրեղբայրներս ալ իմ կամքը կը կատարէին։
Անգամ մը հօրեղբայրներս, նօրեն կատակով ուզեցին գիտնալ, թէ ես որու՞ն հետ նշանուիլ կ’ուզեմ։ Այդ օրը Սերոբ ալ եղբայրներուս հետ մեր տունն էր։ Ես հօրեղբորս ըսի․
- Եթէ նշանուիմ, Սերոբին հետ կ’ուզեմ նշանուիլ։ Բոլորն ալ խնդացին։ Սերոբն ալ խնդաց։ Բայց քիչ յետոյ լրջացաւ, լռեց ու հաց ուտելէ ետք՝ մեկնեցաւ։
Քանի մը ամիս հազիւ անցած էր այդ խօսքին վրայ, երբ Սերոբի տունէն Մըխէն եկաւ իմ նշանը դնելու։ Կատակը լուրջի փոխուեցաւ»։

 

 


Հայե՛ր, գիտե՞ք, որ