ՍԽԱԼ պիտի ըլլար անցեալը իտէալականացնել, սակայն անկարելի է չնկատել որ առաջ մարդկային փոխյարաբերութիւնները բոլորովին այլ էին՝ աւելի անկեղծ ու ջերմ, աւելի գորովալից ու մարդկային...Մէկը միւսին ուրախութեամբ կ'ուրախանար, մէկը միւսին ցաւով կը ցաւէր....մտահոգութիւնները կը կիսուէին հարազատներու միջեւ, նոյնիսկ՝ հարեւաններու միջեւ....

 

Այդպէս էր իմ մանկութեանս տարիներուն, եւ իսկապէս ալ ուրախութիւնը կը բազմապատկուէր, մինչ տխրութիւնը կը կիսուէր....Ի՞նչ պիտի ըլլայ արդեօք կեանքը ասկէ քսան, երեսուն տարի ետք....ինչպէ՞ս պիտի ըլլան մարդկային փոխյարաբերութիւնները, որոնք տակաւ կը դառնան մեքենայական, սառնաշունչ, անսիրտ, անհոգի...

 

 

Երան Կոյումջյան