Մեր մէջ, այնքան շատ են անոնք, որոնք ՎՏԱՆԳԻ մը դիմաց՝ կը նախընտրեն իրենց գլուխը թաքցնել աւազին մէջ, կարծելով որ այդպէս ընելով, վտանգը ինքաբերաբար կ'անհետի....Նմանները կորսնցուցած կը թուին ըլլալ ամէն հոգեկան քաջութիւն եւ արիութիւն՝ դիմագրաւելու համար վտանգը ՇԵՇՏԱԿԻ կերպով, աչքի առնելով նոյնիսկ վատագոյնը...:

 

 

Նման կեանքով ապրող մարդը կ'ապրի պատրանքներով, ինքնախաբէութեամբ....իսկ նման կեանքով ապրող ժողովուրդ մը տակաւ կ'ապաքաղաքականանայ եւ քայլ առ քայլ կ'անհետի պատմութեան թատերաբեմէն....ԱԶԳԵՐ ԿԸ ՅԱՐԱՏԵՒԵՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ՝ ԻՐԵՆՑ ՈՂՋՄՏՈՒԹԵԱՄԲ, ՔԱՋՈՒԹԵԱՄԲ, ՎՏԱՆԳԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼՈՒ ՊԱՅՔԱՐԻ ԿԱՄՔՈՎ...

 

 

Երան Կոյումջյան