Բառեր քով-քովի դնելով, տողեր շարելով՝ բանաստեղծութիւն չի գրուիր...Բանաստեղծութիւնը էապէս խորապրուած յոյզի արտայայտութիւն է, որ անմիջապէս կը վարակէ ընթերցողը նոյնանման ապրումով....: Այնտեղ բառն ու տողը քնարական շունչ ունին, մեղեդի, որուն զգայնութիւնը կը փոխանցուի կարդացողին ալ, զայն առնելով իր մագնիսական դաշտին մէջ....

 

Ես այսպէս կ'ըմբռնեմ հայ բանաստեղծութիւնը....այլապէս, կարելի է արձակով ալ արտայայտուիլ՝ մանաւանդ կենցաղային մանրուքներու մասին, ուր չկայ բանաստեղծականութիւն....ՄԻ՛ ՎԱՐԿԱԲԵԿԷՔ ՀԱՅ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ....(նկատի ունիմ առաւելաբար արեւմտահայ բանաստեղծութիւնը, որ շատեր կը կարծեն որ տէր-տիրական չունի).....

 

 

Երան Կոյումջյան