Արդեօ՞ք մենք միայն մեր ԿՈՐՈՒՍՏՆԵՐԸ ողբացող ազգ ենք....Կ'ողբանք կորուստը հայկական Կիլիկիոյ, որուն վերջին բեկորն ալ յանձնեցինք արիւնարբու թշնամիի երախին, մեր աննման Քէսապը....Դեռ կ'ողբանք մեր բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանը....

 

Նախիջեւանը, Գետաշէնը....կարելի է եկարել ու երկարել մեր ԿՈՐՈՒՍՏՆԵՐՈՒ շարքը...: Մեր կորուստները կը յուշեն գերազանցօրէն որ պիտի ՏԷՐ ԿԱՆԳՆԻԼ մեր մէն մի թիզ հողին հայրենեաց....իսկ ՏԷՐ ԿԱՆԳՆԵԼՈՒ համար, պիտի չթողունք զայն, պիտի չլքենք զայն, ՏԷՐ ԿԱՆԳՆԵԼՈՒ համար պիտի ՊԱՇՏՊԱՆԵՆՔ զայն ինչով որ կրնանք, եւ այն ատեն մենք հաստատօրէն ԿԸ ՅԱՂԹԵՆՔ...ՄԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՎԿԱՅ: Մենք մեր պատմութեան, մշակոյթին, ինքնութեան, հողին ՏԷՐ կանգնելու լրջագոյն խնդիր ունինք....

 

 

Yeran Kouyoumdjian