ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹԸ մեծ նշանակութիւն ունի, ըստ մեր Հայրերու հաւատքին, որմէ որքա՛ն հեռացեր ենք, ներկայ դարու նիւթապաշտութեան մէջ խրուած, պահեր ենք կարծէք միայն արտաքին ձեւականութիւնը....ինչպէս եկեղեցի երթալ, մոմ վառել, Աստուծոյ անունը տալ երբ նեղութեան մէջ ենք....Հաղո՞րդ ենք երբեւէ Աւագ Շաբթուան բուն խորհուրդին հետ, որ մեզ կը հրաւիրէ խորունկ ինքնամփոփման, ինքնագիտակցութեան, մեղքերու զղջումին, խորին խոնարհութեան, որպէսզի կարենանք ԱՐԺԱՆԻ դառնալ Ս. Յարութեան, Նոր Կեանք սկսելուն, մեղքերէ ձերբազատ...: Սա խորապէս ՀՈԳԵՒՈՐ-ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ խնդիր է, երբ մարդ էակը խորամուխ կ'ըլլայ իր մեղքերու ՃԱՆԱՉՄԱՆ, ԿԸ ԶՂՋԱՅ անոնց համար, թողութիւն կը հայցէ Արարիչէն, նոր կեանք սկսելու համար...: Կա՞յ մէկը որ մեղք չէ գործած: Չեմ կարծեր: Ատիկա անկարելի է, քանզի մարդը սխալական եւ մեղք գործելու ատակ է ի սկզբանէ: Սա այն գինն է որ կը վճարենք ԱԶԱՏ ԿԱՄՔԻ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԵԱՆ համար....ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹԸ ԽՈՐՈՒՆԿ ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՄԱՆ ՇԱԲԱԹ Է ԳԵՐԱԶԱՆՑՕՐԷՆ:

 

Յերան Կույումջյան